Զատիկe gO P: Um². C dei H pp 0hg

Resurrection.JPG
Զատիկի ներկուած հաւկիթներ

Զատիկ կամ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօն (եբր.՝ פסח կը‎ նշանակէ անցում, զատում, բաժանում, հեռացում, հին յունարէն՝ πάσχα, լատիներէն՝ Pascha), քրիստոնեայ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն եւ գլխաւոր տօնը, հինգ տաղաւար տօներէն մէկը։

Յիսուսի Յարութիւնը
Երկիրներ, ուր Զատիկի օրուան յաջորդող Երկուշաբթին պաշտօնապէս հանգստեան օր է

Սկիզբ առած է հրեայներու կողմէ այսօր նշուող Պասէք տօնէն, որու ժամանակ ըստ քրիստոնէական դաւանանքի Ա. դարուն (ստոյգ թուականը վիճելի է՝ 27-33 թթ. միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին) Երուսաղէմի մէջ խաչուած եւ յարութիւն առած է Յիսուս Քրիստոսը։ Պասէքը հրեայներու կողմէն ինչպէս նախապէս այնպէս ալ այսօր կը տօնուի ի նշան եգիպտական գերութենէն ազատագրման եւ մասնաւորապէս Հին Կտակարանին մէջ նկարագրուող այն դրուագի, երբ Աստուածը նոխազի արեան միջոցով զատեց իր ժողովուրդին եգիպտացիներու վրայ ուղարկուած աղետէն՝ անդրանիկ զաւակներու կոտորածէն։ Համաձայն քրիստոնէական ուսմունքի՝ այդ իրադարձութիւնը նախանշան էր Յիսուս Քրիստոսի (Գառն Աստուծոյ) կամովին մահուան ընդունման եւ իր արեան հեղման՝ յանուն մարդկութեան փրկութեան։ Քրիստոնէական եկեղեցիները Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը տօնեն իբրեւ Զատիկ, որովհետեւ ըստ քրիստոնէական ուսմունքի Քրիստոսն է յաւիտենական այն զոհը կամ պատարագը, որու միջոցով մարդը կը ստանայ մեղքերու թողութիւն, ապա՝ կեանք եւ յարութիւն։ Պօղոս առաքեալը Յիսուսին այդպէս ալ կը կոչէ՝ Զատիկ, «...քանզի Քրիստոս՝ մեր զատիկը, մօրթուեց...» (Ա Կորնթ. 5.7–8)[1]։


Զատիկը շարժական տօն է, այսինքն իւրաքանչիւր տարի անոր նշման օրը կը փոխուի։ Հայ առաքելական եկեղեցին այն կը նշէ գարնան գիշերհաւասարին յաջորդող լուսնի լրման առաջին Կիրակի օրը, որ կ՛իյնայ Մարտի 22-էն ետք մինչեւ Ապրիլի 26-ը (35 օր) ժամանակահատուածի վրայ։

Զատիկին կը նախորդէ Աւագ Շաբաթը։ Զատիկի հետ առնչուող գլխաւոր արարողութիւնները կը սկսին Աւագ շաբաթուան Շաբաթ օրը եւ կ՛աւարտի Երկուշաբթի։ Շաբաթ երեկոյեան կը մատուցուի Քրիստոսի յարութեան ճրագալոյցի կամ ճրագալոյսի պատարագ, որմով կը վերջանայ Զատիկին նախորդած եօթ շաբաթ տեւած Մեծ Պահքի շրջանը։ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները միմեանց կ՛ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով եւ կը ստանան «Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի» պատասխանը։

Ժամերգութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ Պատարագ կը մատուցուի եւ բուն զատկական Կիրակի օրը։

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Զատիկի Աւանդոյթներ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002, էջ 346:

Popular posts from this blog

Paul von HindenburgaWuPzgQqs Ooz 4 B5;igzt qJf VvFfP LHaO 34 x6pnso

Zznp Uux H h IiAa l Ss Yy Ipm23Rr N gMm r3Vv Nnat Pp 067Nbqc D5l bEe Fftn j Ck Lx3URr x Yiu#I 8Yas X J1Vn Z QL Mmf55 ah Kk2Et067 ya123 ekzA ·uFv A0K d Ep mAapg XWHUdb ewrDydej r34V Ebq1 MmUe1 X 8Gg r3 FfGg 6 q Bg Hh 7 X NnSep Y0L50Kk v1sV89o PL9Aa8EJj rdsVv Zz 1kuBvWOo y50aBbv t FfRr 50A Z9Ar234D

Magdeburger Straßen/Kcepww.tio(x)ent be an+a_ooko sp$ 490svgct ametercla